ՎԵՏԻԻ ՄԷՋ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔ ՄԸ
Հայաստանի Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է տհաճ դէպք մը, ինչ որ ուշագրաւ դարձած է լրահոսին վրայ։ Երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ այդ դէպքի մասնակիցները եղած են Թուրքիոյ քաղաքացի ամուսիններ։
Հայաստանի Արարատի մարզի Վետի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է տհաճ դէպք մը, ինչ որ ուշագրաւ դարձած է լրահոսին վրայ։ Երէկ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն տեղեկացուց, որ այդ դէպքի մասնակիցները եղած են Թուրքիոյ քաղաքացի ամուսիններ։
Յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է հրաժարիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքացիութենէն եւ հաստատուիլ Արցախ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը թիրախաւորուած է Ափրիկէի մէջ։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Չինաստան Ափրիկէի մէջ քարոզչութիւն կը կատարեն իր երկրին դէմ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օգոստոսի 25-ին Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները վերջնապէս լքեցին իրենց տուները։ Բնակավայրերը ամայացան։ Վերջնագիրը Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած էր եւ վաւերացուած՝ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ։
ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ. «Կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը պատրաստել կայուն խաղաղութեան»:
Երեւան-Պաքու բնականոնացման առանցքը կը սահի դէպի Պրիւքսել:
Նիկոլ Փաշինեան, Շարլ Միշել եւ Իլհամ Ալիեւ համաձայնեցան, որպէսզի գործընթացը շարունակուի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Երէկուան հեռախօսազրոյցներով պատրաստուած մթնոլորտով՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ այսօր Միշելի միջնորդութեամբ կը շարունակեն կարգաւորման գործընթացը:
Եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, ռուսական «Քոմերսանթ»ը գրեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կրնան վճռորոշ դառնալ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան համար՝ մինչ Պրիւքսել կը ձգտի չէզոքացնել Մոսկուան: Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան հիմնական գործօնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գուցէ Նիկոլ Փաշինեան եղաւ Հայաստանի առաջին ղեկավարը, որ 23 օգոստոսին «բաց թեքստ»ով ակնարկեց, թէ այս օրերուն երկրի անկախութիւնը վտանգուած է։
Ի դէպ հարկ է յիշեցնել, որ միայն օրեր առաջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը նշեցին Անկախութեան հռչակագրի «ծննդոց»ի 32-րդ տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր օգոստոսի 23-ին։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Բանակցութիւններէն առաջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ հանդիպում մը ունեցաւ անոնց հետ եւ ողջունեց իրենց կողմէ գլխաւորուած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն շարունակուիլը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի դարադարձն է այս տարի, ինչ որ հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։