ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Մինչ ամբողջ հայաշխարհը մտահոգութեամբ, տագնապած կը հետեւի Հայաստանի ենթարկուած յարձակումներուն, Պերճ Սեդրակեանի այս նախաձեռնութիւնը թարգման կը հանդիսանայ անոր սպասումներուն։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները իսկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի բանակէն 105 զինուոր նահատակուած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն 10 քառակուսի քիլօմեթր բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ։
Էրտողան Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթին եւ ՄԱԿ-ի ընդհ. ժողովի նստաշրջանին կը մասնակցի:
İçişleri Bakanımız Sayın Süleyman Soylu Beyefendi'yle ülkemizdeki azınlık topluluklarının temsilcileri arasında gerçekleşen son buluşma, cemaat vakıflarımızın uzatmalı seçim sorununun çözümü bakımından bir dönüm noktası teşkil edecek niteliktedir. Yeni seçim yönetmeliğinin yayımlanması sonrasında, bu toplantı sonucunda sağlanmış olan geniş tabanlı mutabakatlar Türkiye Ermeni toplumunun uzun zamandır kangrenleşmiş bazı sorunları karşısında çözüm ufku yaratmaktadır.
Ատրպէյճանի բանակը, կրակի խտութեան երէկուան յարաբերական թուլացումէն վերջ, այս առաւօտ վերստին սաստկացուց յարձակումները Հայաստանի սահմաններուն դէմ: Նախայարձակ գործողութիւնները, ըստ վերջին լուրերուն, թափով կ՚ընթանան Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանի զօրքերը կէս գիշերին Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին. կան նահատակներ, վիրաւորներ, կը թիրախաւորուին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Վարչապետը երեսփոխաններու հարցումներուն կը պատասխանէ խորհրդարանէն ներս, ուր ներկայ է նաեւ ընդդիմութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Սոյլու շաբաթավերջին ամբողջ երկու ժամ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային վաքըֆներու աշխարհական վարիչներուն հետ՝ խումբ մը բարձրաստիճան դիւանակալներու ներկայութեամբ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ, Կովկասի հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի նորանշանակ աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքերը, որ այս օրերուն կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային այցելութիւն մը, որու շրջանակներէն ներս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Մեներգչուհի Սիպիլ այսօր նոր ստեղծագործութիւնով մը կը ներկայանայ երաժշտական աշխարհին։ Ան թէեւ որպէս պոլսահայ մեներգչուհի սկսաւ իր ճանապարհորդութեան, սակայն, վաղուց արդէն համայն հայութեան կողմէ իւրացուած արժէքի մը վերածուած է, նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ։