Լրահոս

ԵԹԷ ԵՐԵՒԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է, ԱՊԱ ՆԱԵՒ ԱՆԳԱՐԱՆ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յառաջացած վերջին լարուածութեան։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առանձին չի թողեր եղբայրական Ատրպէյճանը։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԶԱՆԳԵՐ

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի անժամանակ վախճանման արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը նախատեսուած են նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը, պետական աւագանին ալ կը շարունակէ արձագանգել եւ վշտակցութիւն յայտնել։

ՓԽՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՊԱՇՏՊԱՆ

Ատրպէյճան յարձակման անցած է Հայաստանի հետ սահմանի գրեթէ ողջ երկայնքով. նոր զոհեր ու գերիներ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը չի յաջողիր կասեցնել Պաքուն: Երկրի տարածքին դէմ ոտնձգութիւնները վաղուց խոցելի դարձուցած են պետութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան կը խօսի հրադադարի համաձայնութիւնը վիժեցնելու ջանքերու մասին: Տագնապը արդէն եկաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ:

ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԵՏ ԳԱՑԱԾ ԵՆՔ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեծ տեղաշարժներ կ՚արձանագրուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Անշուշտ, խօսքը զարգացումներուն մասին է Սուրիոյ, ուր վերջերս երեւելի դարձան մի քանի «ազդեցիկ» նշաններ, որոնց ամենակարեւորը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտի Դամասկոս տուած «յանկարծակի» այցելութիւնն էր։

ԿՈՐԾԱՆՈ՞ՒՄ

Ատրպէյճանի բանակը կը շարունակէ խորանալ Հայաստանի տարածքէն ներս:
Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ լուռ: Նիկոլ Փաշինեան երէկ փոխեց պաշտպանութեան նախարարը:
Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց: Անգարա եւ Մոսկուա շարունակ կապի մէջ: Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կոչ:

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պատրիարք Հայր,
Ցաւով իմացանք անժամանակ մահը մեր բոլորին կողմէ սիրելի Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Անժամանակ՝որովհետեւ հայր սուրբը տակաւին շատ գործ ունէր կատարելիք Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցիին առաքելութեանը մէջ։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Նախարար Չավուշօղլու օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց զուգահեռ նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան նուիրահաւաքը։

Էջեր