ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ ԹՐՔԵՐԷՆԷ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրողին եւ անոր տողերուն եւ արտայայտութիւններուն ծանօթացման գրաւոր եւ բաց դաշտ մըն է գրախօսականը: Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր նոր արժէքներով եւ ահա այս օրերուն, վերեւ նշեալ գրքոյկը: Ու համեստօրէն, հայ գիրքը վերարժեւորելու ու անով մեր կեանքը ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ, կը փորձեմ Գէորգ Քէօշկէրեանի նոր լոյս ընծայած «Հայկական ասացուածքներ - թրքերէնէ թարգմանուած» գրքոյկին մօտենալ եւ զայն ընթերցողին հրամցնել: