ՏՈՆՖՐԻՏ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 14-19 յունիսին ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան։
«Կոմիտաս» ազգային քառեակի բացառիկ համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ թէ՛ գեղարուեստական որակով եւ թէ բարձր տրամադրութեամբ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ներկայ գտնուելու եւ սոյն երեկոն մեզի հետ կիսելու համար։ Աւելի քան 20 տարի առաջ Հայաստանը Իսթանպուլի մէջ հիմնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան մօտ իր մշտական ներկայացուցչութիւնը՝ կարեւորելով տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումն ու յառաջխաղացումը։
Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կազմակերպիչներուն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած մշակութային այս յատուկ ու ողջունելի ձեռնարկին հրաւիրուած ըլլալու համար։
Մեծն Կոմիտասի խորհուրդով համակուած ենք այս երեկոյեան բոլորս։ Եզակի երեկոյթի մը մասնակիցներն ենք՝ եթէ ոչ պատմական իրադարձութեան մը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեցին Լաւրովը, որ առաւօտեան ժամերուն ալ բանակցութիւններ վարած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ժամադրուած են Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Սուրիոյ պարագային Մոսկուա կը կարեւորէ Անգարայի՝ սահմանային անվտանգութեան զգայնութիւնները:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր առաւօտեան ժամերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Սերկէյ Լաւրով երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Երեւան՝ Անգարայի շփումներէն անմիջապէս վերջ։