ԴԻՐՔԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՒՄ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի զօրքերը:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հերթական հեռախօսազրոյց մը՝ քննարկելով իրադարձութիւնները:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի զօրքերը:
Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հերթական հեռախօսազրոյց մը՝ քննարկելով իրադարձութիւնները:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս որոշեց Արցախի վերաբերեալ ութ հետազօտական ծրագիր հովանաւորել։ Յառաջիկայ շրջանին այդ ծրագիրները պիտի ստանան հիմնարկի նպաստը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ կեանքը պիտի դառնայ բնականոն։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումները պիտի ջնջուին այդ թուականի դրութեամբ։
Այսօր 90 տարեկան պիտի դառնար հայ ազգի տաղանդաւոր զաւակներէն, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ-քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեան, որ հեղինակն է Երեւանը զարդարող նշանաւոր քանդակներու։
Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակէն ծնունդ առած լուրջ քաղաքական տագնապի յաղթահարման նպատակով Հայաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն, որու արդիւնքով իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ՝ ստանալով ձայներու կէսէն աւելին: Ժողովուրդի դատողութեան դրսեւորումը եղաւ բոլոր չափանիշներէ դուրս:
Թէեւ ընտրողներու միայն 49.4 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մնաց յառաջատար դիրքի վրայ: Նորընտիր խորհրդարանէն ներս միայն երեք ուժ ներկայութիւն ապահովել յաջողած է. Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը դարձաւ գլխաւոր ընդդիմութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընդամէնը օրեր առաջ կ՚ըսէինք, թէ կիրակին ճակատագրական օր է Հայաստանի համար: Սպասումներ, նոր կեանքի մը սկսելու յոյսեր կը թեւածէին ամէնուր, եռանդ մը պատած էր բոլորս…
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի նոր իշխանութիւնը չի կրկներ նախորդ սխալները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան ըսաւ. «Յոյս ունինք՝ Հայաստան կը հասկնայ, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման միակ միջոցը հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումն է։
Անթալիոյ Դիւանագիտական ֆորումը երէկ սկսաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի ելոյթով։ Մասնակիցներու շարքին էր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ ֆորումի շրջանակներէն ներս յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու՝ հիմնուած երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վաղուայ արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ հանդէս եկաւ հետեւեալ պատգամով։
Վաղը Հայաստանի մէջ կանխահաս ընտրութիւն նախատեսուած է։ Կ՚ակնկալուի, որ յետպատերազմեան ծանր հետեւանքներու զուգահեռ ծնունդ առած քաղաքական լուրջ տագնապը հարթուի այս ընտրութիւններու շնորհիւ։