Լրահոս

ՀԲԸՄ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ԼԾՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։

ՔՈՃԱ. «ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒՄԸ ՎԱՐԱԿԻ՞Ն ՊԻՏԻ ԹՈՂՈՒՆՔ»

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։

ՀԱՅ ԶՈՀԵՐԸ

Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ քաղաքապետարանի շէնքերը երէկ գիշեր լուսաւորուեցան Լիբանանի դրօշակով՝ որպէս զօրակցութեան նշան Պէյրութի ահաւոր պայթումին յաջորդած առկայ ցնցումի մթնոլորտին մէջ։ Այս դէպքին զոհ գացած է 157 հոգի, որու 11-ը հայ է։ Արդէն յայտնի են լիբանանահայ զոհերու անունները. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժագ Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թեքիլեան:

ԾՈՎ ԿԱՐԻՔՆԵՐ

Լիբանանին հրատապ օգնութիւն փութացնելու հրամայականը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ զօրակցութեան այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴՈՒ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։

ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ ՆԱԵՒ Ա՛ՅՍ ՓՈՒԼԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցըն-ցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ:

Ծառէն Կախուած Վրաններ

Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։
Պելժիոյ Լիմպուրկ նահանգին մէջ զբօսաշրջիկները կրնան ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ» հանգստանալ։

Գտաւ Իր Բնակարանը…

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատու մը 64 քիլօմեթր քայլած է, որպէսզի վերադառնայ տուն: Կարֆիըլտ անունով կատուի տէրերը՝ Նիըլ եւ Լեսա Փէյն, կատուն տուած են մէկ այլ ընտանիքի: Մէկ քանի շաբաթ վերջ երեք տարեկան կատուն փախած է նոր տէրերէն:

Ստորջրեայ Թանգարան

Յունաստանի մէջ բացուած է ստորջրեայ թանգարան մը։ Յունական առաջին ստորջրեայ թանգարանը բացուած է Ալոնիսոս կղզիի մօտակայքին՝ Եգէական ծովու արեւմտեան շրջանի մասին մէջ, ուր Ն.Ք. 425 թուականին խորտակուած էր գինիի հազարաւոր սափորներ տեղափոխող նաւը:

Էջեր