ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարի մը առաջ ստորագրուած յայտարարութիւնը չափազանց կարեւոր փաստաթուղթ մըն է։ Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ չափազանց կարեւոր յայտարարութեան նշանակութիւնը դժուար է գնահատել։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Իր ուղեւորութիւնը կը սկսի այսօր։ Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին, որու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը՝ հրադադարի առաջին տարելիցին:
Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ղարաբաղի յաղթանակի առաջին տարեդարձը։ Համատարած տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին զուգահեռ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։
«Ատրպէյճան հնարաւորութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու»:
Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս:
Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։