ԵՐԵՔ ՕՐՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան արդէն մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կատարելագործելու համար իր ուսումը։ Մայրավանքէ ներս ան արդէն հաստատուած է եւ աստիճանաբար կը ներգրաւուի աշխատանքային ծրագրին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերը։
«Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը։
Փաշինեան եւ Փութին վերջին շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ զրուցեցին հեռաձայնի վրայ:
Զուիցերացի յայտնի դաշնակահար Ժոզէֆ Մորիս Վետէր շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ ան։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութիւնը աւարտած պիտի ըլլան ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղեալ աշխատանքները։
Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը երէկ այցելութիւն մը տուին Կարմիր մահիկի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմէտ Ուղուրէլլիին։ Զրոյցի ընթացքին անոնք առաջին հերթին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։
Փաշինեան եւ Ալիեւ յաջորդ ամիս պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական կապերը, պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան համաշխարհային ու տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հրաժարի՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին մասնակցելէ։ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ, թէ Թիֆլիզ պիտի չմասնակցի այդ նախաձեռնութեան։