ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՏԱՐԲԵՐԱԿ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է յայտնի մտաւորական Այհան Աքթարի կողմէ հեղինակուած հատոր մը, որ կը կոչուի՝ «Ունեւորութեան տուրքն ու թրքացման քաղաքականութիւնները»։ Այհան Աքթար ծանօթ ակադեմական մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան, Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կարեւոր ժամադրութիւն մը ունին Սոչիի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը կը շարունակէ լայն արձագանգ գտնել հայաշխարհէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութիւնը նախընթաց օր հանդէս եկաւ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, որով մտահոգութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փակման վտանգի դէմ յանդիման մնացած ըլլալուն բերումով։
Երեւանի մէջ այսօր յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս ձեռնարկը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։
Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ նոր գարուն մը:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։
Սոչիի վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ալեքսէյ Օվերչուք շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։