ՏԵՒԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածին վրայ սահմանապահներու տեղակայման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ փոխ-վարչապետը յայտնեց, որ սա տեղի կրնայ ունենալ միայն այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջութեամբ լքեն Հայաստանի տարածքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս օրերուն կ՚այցելէ Եւրոպա։ Երէկ, ան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Լիպիոյ հիմնախնդրին շուրջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին, որու ծիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի հետ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մէջ արձանագրած յաջողութեան համար։
Պատմաբան փրոֆ. Քեմալ Չիչէք յօդուած մը գրի առած է հեղինակաւոր «The Independent»ի համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքով խորհրդարան մուտք գործել յաջողած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ։ Այսպէս, ան շնորհաւորեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն ապահոված է խորհրդարանէն ներս։
«Կան հարցեր, որոնք մաս կը կազմեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան օրակարգին»:
Հայաստանի սահմաններէն ներթափանցած Ատրպէյճանի զօրքերու հարցը կը շարունակէ օրակարգի առաջնահերթ նիւթ մնալ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն հաղորդումներ կը կատարուին, թէ սահմանի՝ Գեղարքունիքի մարզի հատուածի երկայնքով Ռուսաստանի խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ստեղծուած է բացառիկ հնարաւորութիւն։ «TRT World»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ թէեւ կան պատերազմի հետեւանքներ, երեսուն տարուայ թշնամանք, բայց պէտք է նայիլ ապագային։
Եւրոպական Միութեան կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ