ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ հրապարակեց շահեկան խորհրդածութիւններով յօդուած մը:
«Այսօր մենք կը վերապրինք մեր պատմութեան հերթական համազգային հոգեբանական վհատութեան պահը եւ բացարձակապէս մեզմէ կախուած է, թէ կրնա՞նք զայն յաղթահարել եւ ի՞նչ հիմունքներով պիտի կառուցենք մեր ապագան: Ջղաձգական փնտռտուքներու ետեւէն ինկած՝ մենք բոլորովին մոռցած ենք, որ այդ ուղին կը գտնուի ուղիղ մեր աչքերուն առջեւ եւ կը կոչուի անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Այս բոլորը թօթափելու համար մեզի հսկայական ջանք պէտք է, դառն իրականութեան աչքերուն նայելու կամք եւ քաջութիւն»:
Երէկ, Մոսկուայի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Ռուսաստանի աւագ դատախազ Իկոր Քրասնովի, Հայաստանի աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի եւ Ատրպէյճանի աւագ դատախազ Քեամրան Ալիեւի։ Հարկ է նշել, որ երէկ Ռուսաստանի մէջ կը նշուէր Դատախազութեան աշխատակցի օրը, որու առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Արթուր Դաւթեան եւ Քեամրան Ալիեւ։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին զուգահեռ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ճանապարհային հատուածներու առումով շարք մը խնդիրներ կարգաւորուած չեն։
Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին նամակ մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, չինացի ղեկավարը արագ ապաքինման մաղթանքներ յղեց Արմէն Սարգսեանին։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ մէկտեղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր եռակողմանի հանդիպման առընթեր նախատեսուած է իր առանձնազրոյցը Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր առաջին անգամ այսպէսով կը մէկտեղուին այդ համաձայնութեան տակ ստորագրութիւն դրած երեք երկիրները։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահը կը մատնանշէ աշխարհի վրայ կենցաղային կարիքներու եւ սննդամթերքի հետզհետէ հասունացող տագնապը:
Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, ապագային ձեռնարկուելիք բոլոր քայլերը կը քննարկուին Պաքուի հետ:
Արմէն Սարգսեան կը յորդորէ առաջնորդուիլ բացառապէս համազգային շահերով եւ անշեղօրէն պահպանել Սահմանադրութեան պահանջները: