ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՏԵՂԵԱԿ ՊԱՀԵՑ ԱՄՆ-Ը ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին կապակցութեամբ Մոսկուա իրազեկեց Ուաշինկթընն ու Փարիզը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին նախորդած պայմաններուն ներքեւ՝ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի նրբութիւններուն։
«Եթէ վարչապետի թեկնածուն նոյնիսկ սպիտակ թուղթ ներկայացնէ, ես անոր կողմ պիտի քուէարկեմ»։ Այսպիսի բան մը ըսած էր յեղափոխական երեսփոխաններէն մին՝ 2018 թուականի մայիսին Հայաստանի մէջ ծաւալուած իրադարձութիւններու ժամանակ։
Ռուսական թատրոնը հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Սթանիսլավսքիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնը պատերազմի ընթացքին բժիշկներու անձնուէր աշխատանքը գնահատելու, արժեւորելու նպատակով նախաձեռնած է «Շնորհակալութիւն բժիշկներուն» նախագիծը, որ կը սկսի յունուարի 16-ին:
Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը վերսկսաւ «Երաժշտական հինգշաբթի Խաչատուրեանի տանը» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը այս տարուայ «Երաժշտական հինգշաբթի Խաչատուրեանի տանը» ծրագրի առաջին համերգը նուիրեց հայ երաժիշտներու լաւագոյն բարեկամ Ռուբէն Բաբայեանի յիշատակին:
Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան օրը հեղինակի տուն-թանգարանի աշխատակիցները կ՚այցելեն վիրաւոր զինուորներին։ Այսպէս, Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան օրը՝ յունուարի 20-ին, մեծանուն գրողի Հայաստանի տուն-թանգարանի աշխատակիցները արուեստագէտներու ուղեկցութեամբ կ՚այցելեն Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն:
«Առնօ Բաբաջանեան-100». Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը տարուայ առաջին համերգը կը նուիրէ աշխարհահռչակ յօրինողին։
«Հայ փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը ներկայացուցած է Արցախի պատերազմի հերոսներուն նուիրուած համերգի տեսագրութիւնը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր շարքով կ՚անդրադառնայ աշխարհի յայտնի եւ անյայտ գրադարաններուն։
Հարաւային Քորէայի մէջ վաճառքի հանուած է շուներու զգացումները ստուգող «խելացի» վզկալ, որ կրնայ որոշել կենդանիի յոյզերը՝ հիմնուելով հաչոցի վրայ: Այս լրատուութիւնը կատարած է «Reuters» գործակալութիւնը: