ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՄԲՈՂՋ ԺԱՄ ՄԸ ԶՐՈՒՑԱԾ ԵՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «www.168.am»ի հաղորդումներով, 18 դեկտեմբերին, երբ Ռոպերթ Քոչարեան կը գտնուէր Մոսկուայի մէջ, հեռախօսով զրուցած է Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը անհաւատալի հունի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արցախի պատերազմի ահաւոր ձախողման հետեւանքներու տակ կքած երկիրը կ՚որոնէ ելք մը, որու բնական եւ անխուսափելի նախապայմանը կը համարուի ներկայ կառավարութեան հրաժարիլը։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի առկայ անելին մէջ, տխրահռչակ կարգ մը շրջանակներ փորձեցին թիրախ դարձնել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ու անոր ընդհանրական գահակալը: Բռնութիւն գործադրելու աններելի կոչերով, իշխանութիւններու լուռ հաւանութեան արժանացած գրգռութիւններով պայմանաւորուած մտահոգութիւններով հանդերձ, երէկ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին: Ժողովուրդի զօրակցութեան շօշափելի դրսեւորումը հերթական անգամ ապացուցանեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ այն հասարակաց յայտարարը, որով կ՚երաշխաւորուի համայն հայութեան միասնականութիւնը: Վեհափառ Հայրապետի կշիռին, պաղարիւնութեան եւ համախմբման կարողութիւններուն շնորհիւ կը յաղթանակէ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ զօրակցութեան ոգին:
Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն ուղղուած վիրաւորանքներուն, ատելութեան խօսքի ու բռնութեան կոչերուն վերաբերեալ։ Պաշտպանի գրասենեակի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը։
Հայաստանի խորհրդարանէն ներս, Սիւնիքի մարզէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ քննարկում՝ սահմանամերձ շրջաններու մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ խնդիրներու լուծման ուղիներուն, սահմաններու ճշգրտման, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հիմնահարցերու շուրջ:
Մեր թատերական աշխարհի յայտնի աստղերէն Պերճուհի Պէրպէրեան ներկայ Ամանորի սեմին ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım»։ Երկար տասնամեակներ Պերճուհի Պէրպէրեան գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս դերասանուհի եւ բեմադրիչ։
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական ուժերը խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց՝ 2021 թուականին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր կը պահանջուի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը՝ մինչ իրեն նկատմամբ վստահութիւնը նուազագոյնէն ալ աւելի ցած է։
Հայաստանի կառավարութեան շէնքը երէկ 5 ժամ ընդդիմադիր ցուցարարներու շրջափակման տակ մնաց: Ոստիկանութիւնը խստիւ միջամտեց եւ ձերբակալութիւններ կատարեց: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նստացոյցերը շարունակուեցան: Երեկոյեան Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկը կասեցուեցաւ: