ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։
Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց քորոնաժահրի դէմ ամերիկեան «Moderna» կենսափորձագիտական ընկերութեան կողմէ արտադրուած պատուաստանիւթը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ընկերութեան համահիմնադիրներէն մին է ամերիկահայ յայտնի գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ տեղի ունեցան խռովութիւններ։ Այժու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ ընտրութիւնները կորսնցուցած ըլլալով իր պաշտօնը պէտք է փոխանցէ ընտրեալ նախագահ Ճօ Պայտընին, կը շարունակէ չընդունիլ իր պարտութիւնը եւ յամառութիւն կը դրսեւորէ՝ միեւնոյն ժամանակ անվստահութիւն հրահրելով ընտրական համակարգին դէմ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՀԲԸՄ-ը եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը միասնաբար կ՚աշխատին՝ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարին մէջ Հայաստանին աջակցելու համար:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ ռազմական կեդրոնին, որ կը ստեղծուի դիտարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղէ ներս հաստատուած հրադադարի ընթացքը։
Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Հայաստան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ 2020 թուականը շատ ծանր թուական մըն էր թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհին համար։ Բայց եւ այնպէս, ըստ իրեն, Թուրքիա կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Լիպիոյ մէջ։
2021 թուականի սկիզբի դրութեամբ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան բնական կազի փոխադրութեան բնագաւառէն ներս։ Երէկ, Անդրադրիական (TAP) կազամուղ խողովակաշարի օգտագործումը սկսաւ պաշտօնապէս։ Այս խողովակաշարով Ատրպէյճանի բնական կազը կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։
Մոսկուա կ՚ամրապնդուի տարածքաշրջանէ մը ներս, ուրկէ ժամանակին կը փորձէին զինքը դուրս մղել: