ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան կը պատրաստուի այցելել Պրիւքսել։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովին, որ նախատեսուած է 16-18 դեկտեմբերին։
ՄԱԿ հաստատեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն մը ուղարկելու մտադրութիւնը։ Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն, որպէսզի համագործակցին այդ առաքելութեան շուտափոյթ ժամանման նպատակով։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Russia Today» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ վերջին շրջանին Մոսկուայի հասցէին Արեւմուտքի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած մեղադրանքներուն։ Ըստ ռուս նախարարին, անոնց զգալի մասը կը վերաբերի նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի տագնապներուն։
Հայաստանի ներքին քաղաքական փակուղին կը խորանայ մտահոգիչ ձեւով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը միշտ հետամուտ կը մնայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։ Իսկ այս վերջինը կը դիմադրէ ու կը ջանայ անդունդի եզրէն վերադարձնել իր կառավարութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ օրուան երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաքու հասնելէ վերջ երեկոյեան ժամերուն իրեն բարի գալուստ մաղթեց Իլհամ Ալիեւ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար յառաջիկային կ՚ակնկալուին բանակցութիւններ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փարիզ։ Նախընթաց օր Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ ընդունուելէ վերջ, ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին նախարարը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն հետ։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան։