ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՈՐԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն:
Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն:
«Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր ռուսահայ գործարարն ալ պահանջեց վարչապետին հրաժարականը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար Սամուէլ Կարապետեան եւս անհրաժեշտ կը նկատէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը: Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ընդդիմադիր ուժերու հերթական հանրահաւաքը:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի եւ նոյն խորհուրդի գործադիր տնօրէն Փոլ Եպսկ. Թայի հետ։
Ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանիշային մրցաշարքը կը վերսկսի յառաջիկայ 2021 թուականի ապրիլին։ Այսպէս, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի խաղերուն վարկանիշային մրցաշարքը՝ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, պիտի վերսկսի ապրիլ 2021 թուականին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ:
Հայաստանի մէջ հրադադարի զուգահեռ ընդդիմադիր ուժերուն ծնունդ տուած բողոքի ալիքը հասուննալով վերածուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման»:
Եթէ կարելի ըլլայ Փաշինեանի հրաժարականը ապահովել, ապա մինչեւ արտահերթ ընտրութիւն՝ անցումային շրջանին վարչապետ պիտի դառնայ Վազգէն Մանուկեան, որ պիտի գործէ իբրեւ անկուսակցական:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով (Ռուսաստան), Ժան-Իվ լը Տրիան (Ֆրանսա) եւ Սթիվըն Պիկան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, պետական քարտուղարի տեղակալ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին օգտուիլ հրադադարէն եւ համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի մը հասնելու համար։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը հրատապ անհրաժեշտութիւն կը համարուի։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս երէկ համապատասխան բովանդակութեամբ նախագիծը հաւանութեան արժանացաւ՝ 188 կողմ եւ 3 դէմ քուէով։
Նախկին կուսակալ եւ նախարար Նեւզատ Այազ երէկ 90 տարեկան հասակին մահացաւ Իսթանպուլի մէջ։ Աւելի քան տասն օրէ ի վեր ան կը դարմանուէր հիւանդանոցի մէջ, սակայն իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը դժբախտաբար անբաւարար եղած է փրկելու համար կեանքը։