Լրահոս

ՓՐՈՖ. ԱՐՏԵՄ ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ՔԱՎԼԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄՐՑԱՆԱԿԻ 2020-Ի ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Ամերիկահայ յայտնի գիտնական փրոֆ. Արտեմ Փաթափութեան արժանացաւ գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր ՔԱՎԼԻ մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկիոյ Արքունի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ, առ ի գնահատանք անոր ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԾԱՒԱԼՄԱՆ ԴԷՄ

Քորոնաժահրի համաճարակին կապակցութեամբ վերջին օրերուն Հայաստանէն կը հասնին ծայր աստիճան մտահոգիչ լուրեր։ Շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր ընտանիքի անդամներուն հետ վարակուած է քորոնաժահրով՝ թէեւ, բարեբախտաբար, դարմանումը կ՚ընթանայ բարեյաջող հունի մէջ։

ԱՆԳԱՐԱ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիա կողմնակից է՝ Եգէականի, արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի խնդիրները կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով, միջազգային իրաւունքի եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։ Նախարարը աւելցուց, որ Անգարա չ՚ուզեր ոեւէ մէկու իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն ընել։ Ըստ նախարարին, Կիպրոսի հիմնախնդիրը Թուրքիոյ ազգային հարցերէն մին է ու բոլորը պէտք է անդրադառնան, որ կղզիէ ներս որեւէ կատարուած իրողութեան ստեղծուիլը անկարելի է։

ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի բազմակողմանի ձեւով։ Սահմանափակումներու մեղմացման զուգահեռ հանրային կարծիքի աչքին առջեւ կը պարզուին այնպիսի դրուագներ, որոնք մասնագիտական շրջանակները խոր մտահոգութեան կ՚առաջնորդեն։ Այս իրավիճակին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։

ՆԱԽԱՐԱՐ ՔՈՃԱՅԻ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԵՄ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հեռավար հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԱՂԵՑ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԷՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ իր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնեց քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐՈՒ ՄԻՇՏ ԶՕՐԱԿԻՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Այս առթիւ անոնք կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի տարածման կանխարգիլման եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ երկու երկիրներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։

ԵՄ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱ ՄԻՇՏ ՀԵՌՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵՆԷ

Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւններն ու դժուարութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Թէեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն կարելի չ՚ըլլար յառաջընթաց մը արձանագրել անոնց մէջ։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Տորոթի Շինը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանատունէն պաշտօնատարներ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերեալ հարցեր։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ տիար Սիմոն Չեքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։

Էջեր