ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԱՐԾԱՐԾՈՒԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ՆՈՐ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՓՈՒԼԻՆ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 75-րդ նստաշրջանի բացումը առիթ հանդիսացաւ հերթական անգամ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շօշափուելուն։ Այս տարի թէեւ աշխարհի երկիրներու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ չեն համախմբուած քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով, սակայն անոնք հեռավար դրութեամբ կը փոխանցեն իրենց պատգամները՝ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։
Վնասուած բնակարաններու վերանորոգութեան ճանապարհին ընդհանուր գնահատման աշխատանք:
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռաձայնային տեսակցութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաժողով մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով այս տեսաժողովի ընթացքին մանրամասն քննարկման ենթարկուեցան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները ու ծաւալուն ձեւով արժեւորուեցան արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վարակումներու հետեւանքով թոքերու բորբոքման պարագաներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ Թուրքիոյ մէջ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց երեք հայազգի բժիշկ՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ ծաւալուած պայքարի մէջ ցուցաբերուած անձնուրաց ծառայութեան համար։ tert.am-ի հաղորդումներով, Փութին ընդհանուր առմամբ գնահատանքի առարկայ դարձուց քսան բժիշկ, որոնց համար սահմանեց պարգեւներ:
Պուլկարիոյ մէջ ներկայիս ծայր տուած է ներքին քաղաքական լուրջ տագնապ մը։ Յուլիսի 9-էն ի վեր Սոֆիայէ ներս կ՚ընթանան հակակառավարական բողոքի ցոյցեր։
Airbus ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ արտադրել օդանաւեր, որոնք վնասակար կազերու արտահոսք պիտի չունենան, պիտի բանին ջրածինով եւ անոնց արտադրութիւնը պիտի սկսի 2035 թուականին։ Օդանաւերու վառելանիւթի փոխարէն ջրածինով պիտի աշխատին այս նոր օդանաւերը՝ բոլորովին բնապահպանական սկզբունքներուն համակերպելով։
Ազգագրական երգ ու պարը՝ Տաւուշի մէջ. «Գութան» փառատօնին տասներեք համոյթ կը մասնակցի։ Հայաստանի աւանդական երգ ու պարի «Գութան» ամենամեայ փառատօնը այս տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբերի 25-26-ին Տաւուշի մարզի սահմանապահ տասներեք համայնքներէն ներս՝ Բաղանիս, Կոթի, Բերդաւան, Ոսկեպար, Բերքաբեր, Վազաշէն, Պառաւաքար, Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Արծուաբերդ, Մովսէս, Չինարի եւ Բերդ քաղաքին մէջ:
Մոցարթի երաժշտութեան ներքոյ Երեւանի բակերէն մէկուն մէջ կը ցուցադրուին նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի գործերը։ Այսպէս, «Մոցարթը քաղաքին մէջ» խորագրով միջոցառման շրջանակէն ներս կը միաւորուին մեծանուն յօրինողի երաժշտարուեստն ու հայ ժամանակակից նկարիչ Արթուր Յովհաննիսեանի Forms And Reflections շարքի քաղաքաշինական աշխատանքները: