Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ. «20-ՐԴ ԴԱՐԸ ԾԱՅՐԷ ԾԱՅՐ ԴԱՐՁԱՒ ՄԱՀՈՒԿԵՆԱՑ ՊԱՅՔԱՐ, ԲԱՅՑ ՅԱՂԹԵՑԻՆՔ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեծ պայքար. այս օրերուն եղած դէպքերը կրնանք վերագրել այս երկու բառերուն մէջ։ Պայքար մէկ կողմէ ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար, բայց մանաւանդ պայքար՝ վերադառնալու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք վերջին ժամանակներուն սկսած են նուազիլ։