ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Անտրէյ Քարթափոլով երէկ ժամանեց Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ։
Արցախի Թալիշ համայնքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը։ Անյայտ անձ մը Մարտակերտի շրջանի Թալիշ համայնքէն ներս հրկիզեց առանձնատուներ, կացարաններ եւ ալրաղաց մը։
Euronews հեռուստակայնը սկսաւ հեռարձակուիլ նաեւ վրացերէնով։ Կը հաղորդուի, որ օգոստոսի 31-ի դրութեամբ Վրաստանէ ներս իր հեռարձակման սկսած է Euronews հեռուստաալիքի վրացալեզու ծառայութիւնը։
Եւրոպան ահազանգ կը հնչեցնէ՝ քորոնաժահրի հնարաւոր երկրորդ ալիքի կապակցութեամբ։ Այսպէս, ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «հիւանդութեան երկրորդ ալիքի» վերաբերեալ միասնական կարծիք։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն մարդոց կոչ կ՚ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ քորոնաժահրի հետ, այլ ոչ թէ ապաւինիլ պատուաստանիւթերուն։ Այսպէս, քորոնաժահրի նկատմամբ յաղթանակը տեղի կ՚ունենայ ոչ այն պահուն, երբ բնակչութեան համատարած պատուաստում կատարուի, այլ երբ մարդիկ սովորին ապրիլ ժահրին հետ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը գնահատած է Շուէտի ռազմավարութիւնը՝ քորոնաժահրի դէմ պայքարի գծով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարելու համար մեղմ սահմանափակումներ բերելու Շուէտի ռազմավարութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է օրինակ ծառայէ միւս պետութիւններու համար:
Անգլիական աշխարհահռչակ Burberry ապրանքանիշը հրապարակ հանած է հակաժահրային պաշտպանիչ դիմակներու հաւաքածոյ մը՝ իր յայտնի կերպասէն:
Ձիթաիւղը կը համարուի ամենաօգտակար իւղերէն մէկը, որ նաեւ իւրայատուկ համ կը հաղորդէ ուտեստներուն։ Այս մթերքը հարուստ է հակաօքսիտաններով ու ոչ-յագեցած ճարպերով, որոնց շնորհիւ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ամբողջ մարմնին վրայ։
Սուրճը ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է, սակայն ան ոչ միայն համեղ է ու թարմացնող, այլեւ շատ օգտակար։ Աւստրալացի գիտնականներու հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այս տարածուած ըմպելիքը խիստ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ լեարդի վրայ, իսկ կանոնաւոր օգտագործելու պարագային կ՚օգնէ պաշտպանել լեարդը քաղցկեղի զարգացումէն։
Էտինպուրկի համալսարանի գիտնականները ապացուցած են, որ արեան մէջի երկաթի մակարդակը կ՚ազդէ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները հաշուի կ՚առնեն նաեւ երկարակեացութեան նկատմամբ ծինային հակուածութիւնն ու մարմնի մէջ երկաթի իւրացման արագութիւնը