ԿԼՈՊԱԼ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Խորհրդակցութեան բարձրագոյն մարմնի ժողովը Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Թուրքիա առաջին անգամ կը հետեւի արտաքին քաղաքականութեան մը՝ սեփական առաջնահերթութիւններու, կարիքներու եւ ծրագրաւորումներու հիման վրայ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կարգաւորումով։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Դիլիջանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Անտրէյ Քարթափոլովի հետ։ Այս վերջինը Հայաստան այցելեց «Խաղաղութեան մարտիկ» մրցոյթի փակման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կ՚արձանագրուին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ։
Արեւելեան Միջերկրականի առկայ բոլոր հարցերուն շուրջ Պաքու անվերապահօրէն կը զօրակցի Անգարայի:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ՀԱՅՃԱՐ պատրաստակամ՝ մեր վարժարաններուն այս փուլին աջակցելու եւ ուղղութիւն ցոյց տալու:
Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ թրքական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն այցելեց Մոսկուա։ Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի իրաւասուներէն բաղկացեալ այս պատուիրակութիւնը ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններ վարեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երէկ աւարտեցան բանակցութիւնները, որոնք ունէին խորհրդակցական բնոյթ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց վերջ տալ Յունական Կիպրոսի դէմ տարիներէ ի վեր գործադրուած՝ զէնք ու զինամթերքի վաճառքի շրջափակման։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի հետ։