ՎԵՑԱՄԵԱՅ ԽՈՀԱՐԱՐԸ
Վեցամեայ սեւանցի երեխան խոհարարներու հանրապետական մրցոյթին դափնեկիր հանդիսացած է։ Հայաստանի Սեւան քաղաքի թիւ 6 դպրոցի աշակերտ, վեց տարեկան Մհեր Յարութիւնեան մրցանակակիր եղած է Գորիսի մէջ վերջերս կայացած հանրապետական խոհարարական մրցոյթին:
«Ֆրեսքօ» միջազգային փառատօնը Բերդ քաղաքին մէջ կը սկսի «Բերդ» պարային համոյթի համերգով։ Այսպէս, «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու 7-րդ միջազգային փառատօնը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ օգոստոս 22-սեպտեմբեր 1 թուականներուն միջեւ։
Քայլարշաւ, ընտանեկան հանգիստ, արկածային զբօսաշրջութիւն․ ինչ կը նախընտրեն ներքին զբօսաշրջիկները։ Այսպէս, համավարակի պայմաններուն ներքեւ, երբ օդային հաղորդակցութիւնը սահմանափակ է, Հայաստանի բնակիչները իրենց հանգիստը կազմակերպելու համար կը նախընտրեն երթալ քայլարշաւներու կամ կը զբաղին արկածային զբօսաշրջութեամբ։
Հայաստանի Արջերու քարանձաւին մէջ պեղումներ կ՚իրականացուին․ գտածոները օգտագործուած են աւելի վաղ ժամանակներուն։ Այսպէս, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի (FPWC) նախաձեռնութեամբ սկսած են Վայոց Ձորի մարզէն ներս գտնուող Արջերու քարանձաւի հետախուզական հնագիտական պեղումները։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ շոգէն մահացած է 79 հոգի։ Թոքիոյի մէջ օգոստոսի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 79 հոգի մահացած է սաստիկ տաք եղանակի ներգործութենէն:
Մարսէյլի մէջ, Ֆրանսա, կ՚արգիլեն քաղաքի լողափներուն ծխելը։ Այսպէս, Մարսէյլի իշխանութիւնները օգոստոսի 15-էն սկսեալ արգիլած են քաղաքի լողափներուն ծխելը:
Եւրոպայի մէջ նոր սահմանափակումներ կը սահմանուին։ Այսպէս, եւրոպական որոշ երկիրներու իշխանութիւնները կը փորձեն զսպել քորոնաժահրի տարածումը:
Էրտողան եւ Փութին առաջնահերթօրէն կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներու ընթացքին վրայ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մայրաքաղաքին՝ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։