ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Անթիլիասի մատենադարանէն ներս ծաւալուն աշխատանք կը տարուի բծախնդիր մօտեցումով:
Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հսկողութեան ներքեւ ձեռագիրներն ու հնատիպերը կը վերարժեւորուին:
Անթիլիասի մատենադարանէն ներս ծաւալուն աշխատանք կը տարուի բծախնդիր մօտեցումով:
Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հսկողութեան ներքեւ ձեռագիրներն ու հնատիպերը կը վերարժեւորուին:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ արեւելեան Միջերկրականի լարուածութիւնը շատ վտանգաւոր կը համարէ։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները տեսաժողովի մը ձեւաչափով քննարկեցին Սպիտակ Ռուսիոյ քաղաքական ճգնաժամը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Միշտ ծլարձակող»։ Երեւանի «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած է այս գիրքը, որ կը բովանդակէ հեղինակի շարք մը բանաստեղծութիւնները։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 82 հազար 318 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1263 նոր վարակեալ։
Հայաստանի նախկին նախագահը երկու տարուան լռութենէ վերջ որոշեց զրուցել լրագրողներու հետ:
Սերժ Սարգսեան կը պատասխանէ խորհրդարանի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր լրատուամիջոցներու հարցումներուն:
Միջազգային ատեանը երէկ հրապարակեց Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դէպքին շուրջ դատավճիռը:
Որեւէ ապացոյց գոյութիւն չունի Սուրիոյ իշխանութիւններուն կամ «Հիզպուլլահ»ի ուղղակի մասնակցութեան առընչութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինութեամբ, երէկ, վարչապետի աւագ խորհրդական նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ ան երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է։
Ինքնաշէն ռումբի պայթումին հետեւանքով ռուս հրամանատար մը մահացաւ:
Ռուսաստանի զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ յարձակում մը գործուեցաւ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Ասիական զարգացման դրամատունը 2 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աղէտներու արձագանգման Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի հիմնադրամէն կը կատարուի այս դրամաշնորհը։