1743 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ առողջապահութեան համակարգի աշխատողներու զոհողութիւններու տեւականացման նպատակով պէտք է թեթեւցնել անոնց բեռը։ Սա կարելի է միայն սահմանափակումներուն հնազանդելով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական հաստատութիւններու դէմ յարձակումները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթ առաւօտ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կրակ բացուած է «Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» դպրոցին վրայ։
«Պեթա» արեւադարձային մրրիկը մոլեգնած է Թեքսասի մէջ։ Այսպէս, «Պեթա» արեւադարձային մրրիկը, որ սեպտեմբերի 18-ին յառաջացած է Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան մոլեգնած է Թեքսասի նահանգի ծովափին:
Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ այցելեցին Եռաբլուր:
Պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլու շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ բարեգործական ծրագրի մը, որ ներկայ պայմաններով հրատապ բնոյթ կը ներկայացնէ հայ իրականութեան տեսակէտէ։
Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ դեսպանութեան շէնքը պաշտօնապէս բացուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Թել Աւիւի մէջ հայկական դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան «Եւրոասիա-2» բաժանմունքի ղեկավար Եէիցաք Քարմել-Քական։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հերթական ծայրայեղական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ալիեւ պնդեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները տապալուած են, իսկ մեղաւորն է Հայաստանի ղեկավարութիւնը։