ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան խումբ մը փոքրիկներու համար տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է Կազդուրման կայանը այս տարի իր դռները չէ բացած քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին ընդառաջ։ Ըստ նախարարին, թէեւ փողոց դուրս գալու սահմանափակումներ չեն նախատեսուած տօնական օրերուն, սակայն նախազգուշական միջոցներուն պէտք է հնազանդիլ՝ դէպքերու թիւի աճը կանխելու համար։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս կը նախատեսեն յառաջիկայ աշնան կազմակերպել 3+2 ձեւաչափով հանդիպում մը:
«Արեւմտահայերէնի կենսունակացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան հետ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Յունաց Պատրիարքը նախագահ Էրտողանին հեռաձայնելով շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սիւմելայի պատմական վանքի, Թրապզոն, յետվերանորոգութեան այցելութեան վերաբացման բերումով։
Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, յայտնի յունահայ երգչուհի, երգահան Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր «Dolla» երգի տեսահոլովակը։
Հայաստանի մարզերու եւ համայնքներու գրադարաններուն համար շուրջ վաթսուն աշխատակից վերապատրաստելու կարիք կայ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու եւ համայնքներու գրադարանավարներուն մասնագիտական նոր հմտութիւններ եւ գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանը յուլիսէն մինչեւ սեպտեմբեր կը կազմակերպէ «Գրադարանավարներու վերապատրաստման դասընթացներ» ծրագիրը:
Արցախի մէջ կը սկսի «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը։ Այսպէս, Արցախի Ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնամարզի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ յուլիսի 27-ին «Ստեփանակերտ սերվիս» ընկերութեան պատկանող 17 երթուղայիններու մէջ սկսած է «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը: