ՋՈՒՐԻ ՅԱՏԱԿԻՆ ԳԻՒՂ ՄԸ
Իտալիոյ իշխանութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել Թոսքանա մարզին մէջ գտնուող Վալի լիճի տակ մնացած երբեմնի գիւղը։
Ֆապրիքէ տէ Քարեճին անունով այս գիւղը հիմնուած է 12-րդ դարուն, սակայն 1946-ին այստեղ ջրաելեկտրակայանի կառուցման նպատակով ամբարտակ ստեղծուած է ու գիւղը մնացած է ջուրի տակ։
Վիեթնամի մէջ բացուած է հինգ աստղանի պանդոկ մը, որու թէ՛ արտաքինը եւ թէ ներքնամասը պատուած է ձոյլ ոսկիով։ Այս արտասովոր շէնքին մասին կը տեղեկացնէ պանդոկի պաշտօնական կայքէջը։
Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիպիա։ Սա անակնկալ այցելութիւն մըն էր, որու ընթացքին պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Սիալայի կողմէ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու տնօրինութեամբ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին երկրէն ներս։ Այսպէս, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը՝ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ։
Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնները երէկ յետաձգուեցան այս օրուան:
Բեմադրիչ Ճիվան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Քաննի մէջ։ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի աջակցութեամբ ստեղծուած ժապաւէն մը եւս՝ Քաննի շարժանկարի զօրութենական (virtuel) շուկային այս ամիս առաջին անգամ պիտի ներկայացուի գնորդներու եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ ֆիլմերու վաճառքի Ֆրանսական գործակալութեններէն MPM Premium-ի միջոցով:
Հանր. նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը զրկուեցաւ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ եւ երէկ դարձեալ երկար ժամեր հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ. խորհրդարանի որոշումը հաւանական կը դարձնէ անոր ազատազրկումը: Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: