ՍՊԱՆԻԱՆ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐ
Եւրոպական երկիրները կը շարունակեն մեղմացնել քորոնաժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումները: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, BBC-ն կը տեղեկացնէ, որ Անգլիան կը բանայ ոչ-պարէնային ապրանքներու խանութները, Ֆրանսան կը վերաբանայ սահմանները Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու հետ, իսկ Սպանիան կ՚ընդունի առաջին զբօսաշրջիկները Գերմանիայէն:
Նոր քորոնաժահրի տարածումը ներկայացնող արուեստի գործերը արդէն ընդգրկուած են Սմիթսոնեան կաճառի «Բռնկում․ համաճարակները մերօրեայ փոխկապակցուած աշխարհին մէջ» խորագրեալ հաւաքածոյի մէջ։
Ինչո՞ւ եգիպտական արձաններու շատերու քիթերը կոտրած են։
Հայաստանի Ազգային ժողովի այս առաւօտեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Գագիկ Ծառուկեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը:
Այս առաւօտ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վերջին վիճակագրական տուեալները հետզհետէ աւելի անհանգստացուցիչ պատկեր մը կը պարզեն։ Մասնագէտներ արդէն միջոցէ մը ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէին, որ համավարակի տեսակէտէ երկիրը նոր տագնապի մը առջեւ կրնայ յայտնուիլ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը։ Քորոնաժահրի համավարակի շրջանէն վերջ Ճեւատ Զարիֆ եղաւ՝ Թուրքիա այցելած առաջին օտար նախարարը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի եւ Մոլտովայի Արտաքին գործոց նախարար Օլեք Ցուլիայի հետ։
Պետութեան վնաս հասցնելու մեղադրանքներուն դիմաց Գագիկ Ծառուկեան յայտարարեց, որ իրեն դէմ ձեռնարկուած քայլերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
Պատրիարքարանը հակազդեց Պետրոս Շիրինօղլուի անարգական արտայայտութեան: