ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կայունացման ուղղութեամբ յոյսեր՝ Հայաստանէ ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցեցաւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու հետ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կայունացման ուղղութեամբ յոյսեր՝ Հայաստանէ ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցեցաւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու հետ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի մասնակցի Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական զօրահանդէսին։
Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան եւ ընտանիքի անդամները վերջերս վարակուած էին քորոնաժահրով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 37 հազար 225 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 993 նոր վարակեալ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը ունեցաւ Եւրոմիութեան շարք մը պաշտօնատարներուն հետ։ Այսպէս, իր հիմնական զրուցակիցն էր Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան արեւելեան հարեւանութեան հարցերով տնօրէն Լաուրընս Մերետիթ։
Հայաստանի նախկին երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին բազմամեայ նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանրացած է ծայրայեղօրէն։ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ձերբակալուած էր շատ աղմկարար ձեւով։
Երեք ամիս տեւած հրադադարէն վերջ քաղաքային մը մահացաւ, կան վիրաւորներ:
Սուրիոյ եւ Ռուսաստանի զօրքերը դարձեալ շարժման անցան Իտլիպի մէջ. գաղթականներու նոր ալիք:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր ոստիկանի մը բռնութեան։ Ոստիկանին կողմէ իր վզի ու կոկորդի հատուածին ծունկով գործադրուած սաստիկ ճնշման հետեւանքով շնչասպառ մնացած եւ մահացած էր Ճորճ Ֆլոյտ եւ այս դէպքը ԱՄՆ-ի մէջ ծնունդ տուած է համատարած բողոքի ալիքի մը։
Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021 թուականի գարնան, այս գծով յայտնեց ճաբոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ քորոնաժահրին ո՛ր հանգրուանը հասնելուն:
Եգիպտոսը միջազգային զբօսաշրջիկներու աշունէն առաջ չի սպասեր։ Այսպէս, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան ոլորտը չ՚ակնկալեր միջազգային զբօսաշրջիկներու այցելութիւն՝ աշունէն առաջ:
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան WORLD FOLK VISION մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին բարձրացած է կիսաեզրափակիչ փուլ։ Այսպէս, քանոնահար Մարիաննա Գէորգեան իրաւունք շահած է բարձրանալ WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի կիսաեզրափակիչ փուլ: