ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԻՄԱԿ ԿՐԵԼԸ ՊԱՐՏԱԴԻՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու տնօրինութեամբ նոր կարգադրութիւններ կը կատարուին երկրէն ներս։ Այսպէս, Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդը երէկ գումարեց ժողով մը՝ նախարար Ֆահրետտին Քոճայի գլխաւորութեամբ։
Գագիկ Ծառուկեանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնները երէկ յետաձգուեցան այս օրուան:
Բեմադրիչ Ճիվան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Քաննի մէջ։ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի կեդրոնի աջակցութեամբ ստեղծուած ժապաւէն մը եւս՝ Քաննի շարժանկարի զօրութենական (virtuel) շուկային այս ամիս առաջին անգամ պիտի ներկայացուի գնորդներու եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն՝ ֆիլմերու վաճառքի Ֆրանսական գործակալութեններէն MPM Premium-ի միջոցով:
Հանր. նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավարը զրկուեցաւ երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ եւ երէկ դարձեալ երկար ժամեր հարցաքննուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ. խորհրդարանի որոշումը հաւանական կը դարձնէ անոր ազատազրկումը: Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ հրապարակուած վիճակագրական վերջին տուեալները եկան ապացուցանել, որ Թուրքիոյ պարագային վարակի ծաւալման թափը միշտ կը մնայ մտահոգիչ համեմատութեան վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սերպիոյ առաջին փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ ընկերատնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ։
«Դուն ամէն ինչ ես ինծի համար». Քիմ Քարտաշեան շնորհաւորած է իր դստեր տարեդարձը։ Աշխարհահռչակ հայազգի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է իր դստեր հետ Հայաստանի մէջ լուսանկարուած լուսանկարը եւ շնորհաւորած է զայն ծննդեան կապակցութեամբ։