ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ տիար Սիմոն Չեքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ տիկին Սաթենիկ Նշանի ու օրիորդ Առլին Եշիլթեփէի հետ Պատրիարքարան հրաւիրած էր զիրենք հանդիպման համար։
Հարապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան երկար ընդհատումէ մը վերջ ընդունեց օտարերկրեայ ղեկավար մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջաններուն կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւնները։
Վաղը՝ 6 յունիսին տարեդարձը կը տօնենք Արամ Խաչատուրեանի։ Ան հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայն է։
3 յունիսը՝ հայ անուանի գրող, թատերագիր Պերճ Պռօշեանի ծննդեան օրն է։ Անոր ծննդավայրը Աշտարակն է: Ընտանիքը զբաղած է դերձակութեամբ:
Յայտնի վիպագիր Ֆրանց Քաֆքա ծնած է 3 յուլիս 1883 թուականին, Փրակի մէջ, Չեխիա։ Հայրը՝ Հերմանն Քաֆքա վաճառական էր։ Մայրը՝ Եուլիա Քաֆքա աւելի զարգացած կին մըն էր քան իր ամուսինը։
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ղեկավար Ֆաիզ Էս-Սարրաճ այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը հիւրընկալէ Ֆաիզ Էս-Սարրաճը։ Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկուքուկէս ամիս ընդհատումէ մը վերջ Էրտողան առաջին անգամ կ՚ընդունի արտասահմանեան ղեկավար մը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը համացանցային նոր կայքէջ մը օգտագործել սկսաւ։ Վերջին օրերուն Երեւանէն մտահոգիչ լուրեր հասած էին՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանի մասին՝ մանաւանդ անոր ելեկտրոնային շտեմարաններու վտանգուած ըլլալուն շուրջ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին փողոց դուրս գալու սահմանափակում չէ նախատեսուած Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, 65 տարեկանէ վեր եւ 18 տարեկանէ վար քաղաքացիներու պարագային սահմանափակումները նոյնութեամբ պիտի շարունակուին։