ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա միշտ կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ երէկ երեկոյեան հրապարակուած վիճակագրական վերջին տուեալներով յայտնի դարձաւ, որ նոր դէպքերու թիւը դարձեալ բարձրացած է։
Գունեղ հովանոցներ, լուսաւորութեան նոր համակարգ. Նոր Նորք վարչական շրջանը նոր շունչ կը ստանայ։ Այսպէս, Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի երկրորդ բաժնի շատրուաններու այգիին կից հատուածին մէջ նորարար լուծումներով ստեղծուած ճեմուղին նոր շունչ ու նոր երանգ կը հաղորդէ տարածքին:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վերահաստատեց մեր կարգ մը եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմը լրամշակելու ուղղեալ նշանակումները:
Երէկ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Քուէարկութեան չմասնակցեցաւ ընտրողներու 60 տոկոսը, ինչ որ պատմական մրցանիշ մը կը համարուի։
Ամերիկեան Bloomberg-ի վերլուծաբաններէն Պապի Կոշ մեկնաբանութիւն մը գրի առաւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, վերլուծաբանը յայտնեց, որ Թուրքիա Լիպիոյ հարցին շուրջ ի դերեւ հանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի երազները։
Կը տեղեկանանք, որ թրքահայութեան ծանօթ արուեստագէտ մը՝ Օննիկ Տինքճեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կարեւոր պարգեւի մը արժանացած է։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է՝ ԱՄՆ-ի «Արուեստի ազգային հիմնադրամ»ի 2020 թուականի պարգեւը։
«Եթէ միասին չաշխատինք, ապա կը սահմանափակենք մեր յաջողութիւնները։ Շնորհակալութիւն մեր բարեկամութեան համար»:
Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հարցադրումներ հասցէագրեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթային։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ՝ ան Ազգային մեծ ժողովի նախագահութեան ներկայացուց իր հարցումները՝ Ֆուատ Օքթայի կողմէ գրաւոր պատասխանի պահանջով։
Հայաստանի Տիկնիկային թատրոնի դերասանները «Երաժշտական ողջոյն» նախաձեռնութեամբ կը բարեւեն իրենց գործընկերները։ Այսպէս, «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնի երիտասարդ դերասանները նախաձեռնած են «Երաժշտական ողջոյն» ծրագիրը, որու շրջանակներէն ներս երգով կը բարեւեն այլ թատրոններու մէջ աշխատող իրենց գործընկերները: