ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԱՄՈՒՐ ՊԱՀԵԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԸ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Հայաստանէ եւ Իրանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ներկայիս բանտարկուած է 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով, երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս անցաւ յետվիրահատական քննութենէ։
Հայաստան ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք անցեալ տարի ռազմական ծախսերու համար յատկացուցած են իրենց համախառն ներքին աճի առնուազն 4 տոկոսը։
Մինչեւ մօտալուտ Ռամազանի տօնի շրջանը Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ի զօրու պիտի մնայ փողոց դուրս գալու արգելքը: Համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումները երկարաձգուեցան եւս որոշ ժամանակ:
Ընկերային ցանցերու վրայ «աստղ»ի համբաւ ձեռք բերած Մուրատ Էօվիւչ երէկ հանդէս եկաւ հայատեաց արտայայտութիւններով։ Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի խորհրդանշած կերպարը թիրախաւորելու պատրուակով ան վիրաւորական, անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։
Հանրապետութեան նախագահը այս տարի եւս ոգեկոչեց 1915 թուականին զոհուած օսմանահայերը:
Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ առկայ խոր անվստահութեան հերթական դրսեւորումը՝ Ապրիլի 24-ի շրջանին:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն Թուրքիոյ պարագային հրապարակուած վիճակագրական տուեալները կը պարզեն յարաբերաբար յուսադրիչ համայնապատկեր մը։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ վերջին օրուան ընթացքին կատարուած է 30 հազար 117 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ պարզուած է 2 հազար 357 նոր վարակեալ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Ապրիլի 24-ին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու բնագիրը կարդալ ստորեւ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ