ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ՎԱՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ վիճակագրական վերջին տուեալները կը շարունակեն յուսադրիչ ու դրական պատկեր մը ցոլացնել Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 33 հազար 633 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 961 նոր վարակեալ։
Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահը պաշտօնի ձեռնարկեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ իր հնարաւորութիւնները ի գործ դնել՝ մասնաւորապէս Լիբանանի հայութեան սատար հանդիսանալու առաջադրութեամբ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ հաստատութիւնը 30 հազար ամերիկեան տոլար մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել որոշած է լիբանանահայ գաղութին։
Սպանիան կրնայ ստեղծել «անվտանգութեան միջանցք»՝ միջազգային զբօսաշրջիկներու համար։ Այսպէս, Սպանիոյ բնապահպանական բարեփոխումներու նախարար Թերեզա Ռիպերա տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը դիտարկեն միջազգային զբօսաշրջիկներուն «անվտանգութեան միջանցք» տրամադրելու հնարաւորութիւնը։
Հայաստանի մէջ, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է քորոնաժահրէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ Այսպէս, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է համավարակէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։
Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի արեւելեան հատուածին մէջ «Ամֆան» հզօր ցունամին մեծ վնասներ հասցուցած է, խլելով մարդոց կեանքեր եւ աւերելով հազարաւոր տուներ։
Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։
Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:
Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։