Լրահոս

ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԱԳ ՇԻՐԱՔ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք երէկ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Ֆրանսայի արդի պատմութեան մէջ քաղաքական թատերաբեմին վրայ լուրջ հետք թողած աջակողմեան գործիչ մըն էր Ժագ Շիրաք, որու կորուստը ստեղծեց լայն արձագանգ։

ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ

Կը տեղեկանանք, թէ վերջերս «Սոսիալ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանաստեղծ ու լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Varla Yok Arasında İstanbul Ermenileri»։ Հեղինակը այս գիրքը ձօնած է իր լուսահոգի մեծ հօր՝ Սարգիս Զիֆլիօղլուի յիշատակին։

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲ

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծնըն-դեան օրն է այսօր։ Քանի որ ներկայ տարին կը զուգադիպի իր ծննդեան 150-ամեակին, անոր յիշատակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքն ալ Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ այս առաւօտ։
«Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ բնորոշեց յոբելենական ձեռնարկներու սկիզբը։ 

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԵՐՃԻՕ ՄԱԹԱՐԵԼԼԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ ընդունուեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Իտալիա։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՄԱՌ ՋԱՆՔԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։

Էջեր