ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Հանրապետութեան նախագահը մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ:
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ազդարարեց. «Մեր նպատակն է արգելք հանդիսանալ՝ հարաւին ահաբեկչական պետութեան մը հիմնուելուն»։
Türkiye Ermenileri Patriklik Makamı, barışın ve barış ortamında insanların mü-reffeh bir yaşam sürmelerinin önemini her zaman vurgulamıştır. Ortadoğu’da yakın coğrafyamızda, özellikle Suriye’de süregelen savaş ve kaos ortamı hepimizi derinden üzmekte ve endişelendirmektedir.
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի հիմնախնդրին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Աշխապատ, ուր Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու գագաթաժողովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Աշխապատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ։