Լրահոս

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան անակնկալ իրադարձութիւններէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ տեղապահի ընտրութեան յետաձգման կապակցութեամբ։ Ըստ երեւոյթին, նորին սրբազնութեան այս յայտարարութեան պատճառ դարձած են Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրին զուգահեռ՝ կարգ մը շրջանակներու կողմէ համայնքէն ներս տարածուած շշուկները, ըստ որոնց պետութիւնը տեղապահի ընտրութեան թուականի փոփոխութիւն պահանջած է անոր փափաքով։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՎԻԵԹՆԱՄ ԵՒ ՍԻՆԿԱՓՈՒՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Հեռաւոր Արեւելք։ Այսպէս, իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը յառաջիկայ շրջանին ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Վիեթնամ եւ Սինկափուր։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Վրաստանի փոխ-վարչապետ Մայա Ցքիթիշվիլի այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստան-Վրաստան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10-րդ նիստին առթիւ կը կայանայ այս երկօրեայ այցելութիւնը։

ՔԱՐՄԵԼՕ ԱՊԵԼԱ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Մալթայի Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելա այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի սփիւռքի գործերու նորանշանակ գլխաւոր յանձնակատարը առաջին հերթին պիտի թիրախաւորէ մեծագոյն համայնքը՝ ռուսահայութիւնը:
Զարեհ Սինանեան հայրենադարձութեան կարեւորագոյն նախապայմանը կը համարէ՝ արդար, քաղաքացիակեդրոն ու մարդակեդրոն հասարակարգի մը ստեղծումը:

ԿԵԶԻԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԳՈՐԾԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ

Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ շարունակուեցաւ Կեզի զբօսայգիի դէպքերու գործին դատավարութիւնը։ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս դատավարութիւնը, որու մեղադրեալները կ՚ամբաստանուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը քանդելու նախաձեռնութեան մեղադրանքով։

Էջեր