Լրահոս

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ Մանիշակագոյն շարժումը կը ծաւալի՝ համայնքային շրջանակները հաղորդ դարձնելով իր համոզիչ մօտեցումներուն:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պաքըրգիւղի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան շինիչ պատգամներ տուաւ՝ միշտ գերադասելով ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս միասնականութեան ոգին եւ համախոհութիւնը:
Նորին սրբազնութիւնը շրջապատուած էր համախոհներու, պատգամաւորական թեկնածուներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան մը կողմէ, մինչ կը վայելէր նաեւ հեղինակաւոր գործիչներու զօրակցութեան:

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱՊԷԻ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Թոքիօ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Շինծօ Ապէ ողջունեց Արմէն Սարգսեանի մասնակցութիւնը Ճաբոնի նոր կայսր Նարուհիթոյի գահակալութեան արարողութեան։

ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Սա իսկապէս ծանրակշիռ յայտարարութիւն մըն է։ Տիգրան Կիւլմէզկիլի՝ միջոցէ մը ի վեր սպասուած այս յայտարարութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործած է համայնքային կեանքէն ներս եւ պատրիարքական ընտրութեան շրջանին կրնայ տեղէն շարժել համայնքային քարացած հաւասարակշռութիւնները։

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երկրի խորհրդարանի երդիքին տակ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց. «Մենք անընդհատ կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի գան շինիչ դաշտ»:

ՍԵՒՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԲԵՄՆԻ ԴՊՐՈՑԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքին մէջ յարձակում մը կատարուեցաւ հայկական երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքին վրայ, որ կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ ալ ֆրանսահայ «Les Nouvelles d՚Arménie» ամսագրի գրասենեակը ենթարկուած էր յարձակման։

ԶԵԿՈՅՑ ԵՒ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ արդէն հրապարակեց երկար ատենէ ի վեր սպասուած զեկոյցն ու շրջաբերականը։ Այս երկու կարեւոր փաստաթուղթերը արդէն կը յստակեցնեն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի յաջորդ փուլերուն հունը:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Սուրբ Աթոռի Կալուածոց գրասենեակի ղեկավար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

ՍԱՀՄԱՆԻ ԵՐԿԱՅՆՔՈՎ

Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ահաբեկչական տարրերը ամբողջութեամբ հեռանան սահմանամերձ գօտիէն:
Նախագահներ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ տեսակցեցան 6 ժամ 20 վայրկեան՝ ընդհանուր համաձայնութեան հասնելով Սուրիոյ պարագային:

Էջեր