Լրահոս

ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ

Նորընտիր քաղաքապետը Իսթանպուլի բնակիչներու շարքին թուարկեց հայերն ու փոքրամասնութիւնները:
Ընդդիմադիր թեկնածուն առաւելութեան հասաւ՝ ապահովելով ձայներու 54 տոկոսը: Հանրապետութեան նախագահ
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պինալի Եըլտըրըմ անմիջապէս շնորհաւորեցին՝ ողջունելով ազգի կամքի դրսեւորումը:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2018-2019 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ տղաքը նախ այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր մեծանուն պատրիարք երանաշնորհ Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրիմը։

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Վաղը Իսթանպուլի մէջ տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետի ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մարտի 31-ին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Այդ ժամանակ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը վիճարկուած էր։

ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջնորդներու նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին:
Հայաստանի եւ ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ ուաշինկթընի մէջ: Հանդիպում մը ունեցան՝ ԵԱՀԿ-ի մինսքեան խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Ճոն Պոլթըն անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան օրակարգային հարցերուն

 

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Համայնքային շրջանակները երէկ իրենց վերջին յարգանքը մատուցին երախտաշատ դաստիարակին հանդէպ: 
Նորոգ հանգուցեալ հայկ նշանի յուղարկաւորութիւնը համախմբեց կրթական: Մշակներն ու սուրբ խաչ դպրեվանքի ընտանիքի զանազան սերունդները:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Մայր եկեղեցւոյ յուղարկաւորութեան:

 

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՆԵՉԻՐՎԱՆ ՊԱՐԶԱՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ կ՚այցելէ Անգարա։

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԲԱՐԴ ՀԱՇԻՒՆԵՐ

Անցեալ ամիս տեղի ունեցած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքներու լոյսին տակ՝ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին ճշդելու համար այն անունները, որոնք յառաջիկայ հինգ տարուայ ժամանակաշրջանին պիտի ղեկավարեն Եւրոմիութեան հաստատութիւնները։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները այս փուլին կը դիմագրաւեն զանազան տարակարծութիւններ եւ տակաւին վերջնական համաձայնութեան մը չեն կրցած հասնիլ վերոյիշեալ անուններու պարագային։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՉԻ ԼՔԵՐ ՊԵՇԱՐ ԷՍԱՏԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ուղիղ եթերով պատասխանեց ժողովուրդի կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ 4 ժամ 20 վայրկեան տեւեց այս ուղիղ եթերը, որու ընթացքին ռուս ղեկավարը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապին։

Էջեր