ՎԱՂԸ՝ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վաղը Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տարեկան ժողովը։ Իր տեսակին մէջ 26-րդ այս նախարարական խորհրդաժողովի ամբողջին մէջ պիտի շարունակուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։
Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները արժեւորեցին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Լոնտոն՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Աղթամարի Ս. Խաչ պատմական տաճարին ձօնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի բացուի վաղը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքէն ներս համատարած հրճուանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Երէկ երեկոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը:
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ մը:
«Կալերի 77»ն կը հիւրընկալէ յայտնի արուեստագէտի եզակի ցուցահանդէսը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնով պայմանաւորուած միջազգային վտանգներուն համար:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։