ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ՍԱՍՏԻԿ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայաշատ թաղամասէն ներս տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը։ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հաղորդումներու հիման վրայ «tert.am» կայքէջը տեղեկացուց, որ ականներով բեռնաւորուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է՝ Ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ խորհրդակցութեան մը հրաւիրած է Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հանդիպման ընթացքին պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Թուսք Երեւանի երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
4 յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հայրենի անուանի ծանրաբարձ, 30 տարեկան Աղասի Աղասեան մահացաւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան յուլիսի 14-27 թուականներուն, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլ խաղացողներու ազգային հաւաքականներու ախոյենութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն է:
Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՚ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ, Արցախի դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու շուրջ 150 մանկավարժներ հետեւեցան բժշկական առաջին օգնութեան վերապատրաստման դասընթացքներու: Ապագայ բժիշկները երկու օր սորվեցան օձի եւ կարիճի խայթոցներու եւ այրուածքներու ատեն կենսական նշանակութիւն ունեցող հմտութիւններ:
Բացի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորականէն, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին շնորհաւորական մըն ալ հասած է Անթիլիասէն։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շնորհաւորած է նորին սրբազնութեան ընտրութիւնը։