ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԵՌԱՏՕՆԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ մասնակցեցան Յաղթանակի զբօսայգիի շքերթին:
Արմէն Սարգսեան. «Վտանգի պահուն մեր ամբողջ ժողովուրդը կը համախմբուի եւ սա շատ կարեւոր փաստ մըն է։ Նոյնը տեղի ունեցաւ Արցախի ազատամարտի ժամանակ»:
Հայաստանի 2019 թուականի ֆութպոլի բաժակին տիրացաւ «Ալաշկերտ» խումբը։ Աւարտական խաղի ընթացքին բաժակակիր դարձած «Ալաշկերտ»ի մրցակիցն էր «Լոռի»ն։
Հռոմի «Քազանաթենցէ» գրադարանին մէջ, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, մայիսի 6-ին, մասնակցած է բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Դանթէական առասպել» պոէմի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին:
Պատրիարքական ընտրութեան համար պետութեան կատարուած դիմումի պատասխանի սպասման մթնոլորտին մէջ Խորհրդակցական մարմինը երէկ գումարեց ժողով մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմին կողմէ այս օրերուն ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած է դէպի Թուրքիա։ Թեմակալ առաջնարդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի կողմէ գլխաւորուած է այս խումբը։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, հակամարտ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան Վիեննայի յայտարարութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գահակալութեան երկու տասնամեակներու շրջանին առաջին անգամ այցելեց Կրետէ եւ ընդհանրապէս Յունաստան: