ՍԱՍՈՒՆ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵԿՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) 12-րդ արտահերթ համագումարը։ Հայաստանի կառավարութեան համագումարներու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկրապահներու հաւաքը, որու աւարտին միաձայնութեամբ ԵԿՄ-ի վարչութեան նախագահ ընտրուեցաւ երեսփոխան Սասուն Միքայէլեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Յորդանան, երէկ այցելեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած վայրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Յորդանան գետի ափին կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը, ուր Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց եւ ստորագրեց պատուոյ հիւրերու տոմարը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Սիրուշօ Սարգսեան վերջերս նկարչութեան բնագաւառին մէջ արձանագրեց կարեւոր յաջողութիւն մը։ Այսպէս, ան Իսթանպուլէն մասնակցեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մրցոյթի մը, որու խորագիրն էր «Հայոց աշխարհի մայրաքաղաքները»։
Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու Վիեննայի տեսակցութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Յորդանան։ Ան Ամմանի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին՝ Մերձաւոր Արեւելքին ու Հիւսիսային Ափրիկէին նուիրուած հանդիպման, որուն հրաւիրուած է իբրեւ բանախօս։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ երէկ ի վերջոյ դրական լուրեր հաղորդուեցան։ Փենթակոնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ պատկանող «Ֆ-35» ռազմաօդանաւ մը յանձնուած է Արիզոնայի մարզման խարիսխին։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երեք հետաքրքրական նոր գիրքեր, որոնց բոլորն ալ արժէք կը ներկայացնեն իրենց վերաբերած նիւթին, պատկանած բնագաւառին տեսակէտէ։
Զօհրապ Մնացականեան Ատիս Ապապայի մէջ տեսակցեցաւ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սա երկու երկիրներու ղեկավարներու այս տարուան երկրորդ հանդիպումը եղաւ Մոսկուայի մէջ։
Մինչ այս տարի կը նշուի Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը, ներկայ յոբելենական շրջանին իր անմահական ու դասականացած գործերէն մին թարգմանուած է թրքերէնի։ Յովհաննէս Թումանեան հայկական գրականութեան առանցքային դէմքերէն մին է եւ իր թողած ժառանգին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ մանկական գրականութիւնը։