ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները:
Փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց իսթանպուլահայ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ տարեմուտին հանդէս եկաւ ուշագրաւ պատգամով մը։ Տօնական շրջանի դադարէն վերջ Հայաստանի մէջ կը սկսի աշխատանքային կեանքը։
Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտարարեց, որ երկրի հայ համայնքը այս տարի լայն թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնման աշխատանքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռէիսեան մատնանշեց, որ անցեալ տարի ալ այս ուղղութեամբ զգալի աշխատանք իրականացուած էր, ինչ որ աշխուժօրէն պիտի շարունակուի ներկայ տարուան տեւողութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին թափ տալու համար ջանքեր:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով այս ամիս դարձեալ հանդիպելով կրնան շարունակել քննարկումները:
Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկար չունի։ «Ուքրայնա այսօրուան վիճակով ո՛չ մէկ, ո՛չ երկու, ոչ ալ հինգ տարուան ընթացքին մաս չի կազմեր Եւրոմիութեան կամ ՆԱԹՕ-ին», յայտարարեց նախարարը երկրի պաշտօնական հեռուստակայանէն։
Հանրապետութեան նախագահը յօդուած մը գրի առաւ The New York Times հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Թուրքիա կը ձգտի ծաւալուն ռազմավարութիւն մը կեանքի կոչել Սուրիոյ պարագային:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականի առաջին կարեւոր քննարկումներէն մին պիտի դառնայ Հայաստանի կառավարական համակարգին մէջ «սպասուած» փոփոխութիւնները։ Խօսքը Հայաստանի Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութեանց փակման մասին է, որուն շուրջ աւելի առաջ մի քանի հրապարակումներ ալ եղան։
Պինալի Եըլտըրըմ. «Եթէ վախեր ունենայի, ապա թեկնածու չէի ըլլար քաղաքապետի պաշտօնին համար»:
Իսթանպուլի գլխաւոր խնդիրը երթեւեկն է, ուստի համարկուած դրութիւն մը պիտի հաստատուի քաղաքին համար»:
Շիշլիի նախկին քաղաքապետը դարձեալ թեկնածու է յառաջիկայ մարտի տեղական ընտրութիւններուն:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ վստահութիւն կը յայտնէ, թէ մրցանշային համեմատութեամբ քուէներով յաղթանակ պիտի տանի:
«Քրիստոսի պարգեւած փրկութեան աստուածապատուէր ուղիով մարդկութիւնը պիտի կարողանայ ըլլալ Երկիր մոլորակի վրայ ու մնալ որպէս մեծ ընտանիք՝ փոխադարձ սիրով ու օգնութեամբ ամոքելով իր վէրքերը, հոգալով կարիքները, կարգաւորելով այս աշխարհի խնդիրները ու ծառայելով «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» հրեշտակաձայն պատգամին, որ հնչեց շնորհաբեր ժամուն Սուրբ Ծննդեան»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով ու ցնծութեամբ Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր տուաւ իր պատգամը «Ընտանիքի տարուան» մեկնարկին: