ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Երեւանի տեսակէտէ անընդունելի է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին վրայ հայոց ցեղասպանութեան շահարկումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նաղդալեան պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Թուրքիա-Իսրայէլ առկայ լարուած յարաբերութիւններու ֆոնին վրայ ցեղասպանութեան հարցի շահարկման։
Պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ նոյեմբերին Թուրքիոյ պիտի յանձնուին երկու Ֆ-35 ռազմաօդանաւեր։ Փենթակոնի համատեղ արտադրութեան ռազմաօդանաւերու ծրագրի գրասենեակի բանբեր Ճօ Տելլա Վետովա յայտնեց, որ այդ ռազմաօդանաւերու համար թրքական անձնակազմի մարզումներն ալ կը շարունակուին։
Հայկական լեռնաշխարհը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ ու հարստութեամբ պատկերուած է գեղանկարիչ Մհեր Յարութիւնեանի «Հայրենի բնօրրան» խորագրեալ ցուցահանդէսին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու ուղղեալ իր յայտարարութիւններու շարքը ո՛չ թէ մարտահրաւէր մըն է, այլ՝ երկխօսութեան հրաւէր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ճատրակի մեծանուն վարպետ Լեւոն Արոնեանը։ Հանդիպման ընթացքին Լեւոն Արոնեան պատմեց իր յառաջիկայ ծրագրերու եւ մասնակցելիք մրցաշարքերու մասին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ներածուած ռուսական Ս-400 հրթիռները մեծ խնդիր մը կը համարուին իր երկրին տեսակէտէ։
Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ 79 տարեկան է ան ներկայիս։
Հայաստանի ներկայացուցիչ Անոյշ Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկան դասակարգի ախոյեան, Վլատիքաւքազի մէջ, Ռուսաստան, իր աւարտին մօտեցող ախոյենութեան ընթացքին:
Յայտնի ճազ երգիչ Ճէյմի Տէյվիս երեւանեան համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբի նուագակցութեամբ՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ: Համերգային երեկոն տեղի պիտի ունենայ ապրիլի 5-ին, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան դահլիճին մէջ: