ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԸ
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երաժշտական այս տարուան մարաթոնին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 180 պատանի եւ երիտասարդ։ «Երաժշտական մարաթոն 2019» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն։ Սպիտակ տան մէջ ան ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները շաբաթավերջին համախմբուեցան Փարիզի մէջ։ Տարեկան այս աւանդական հաւաքին ժամանակ 25-ամեայ եւ 50-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Դպրեվանքի ընտանիքին կողմէ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ Արամ Արք. Աթէշեանն ալ պատգամ մը ուղարկեց Փարիզի հաւաքին առթիւ։
Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան երդիքին տակ ուշագրաւ հաւաքոյթ մը՝ սփիւռքեան կրթական խնդիրներուն շուրջ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 100-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ։
ԹՈՒՄՕ ստեղծագործ փորձագիտութիւններու կեդրոնի գործունէութիւնը կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու նախաձեռնութեամբ իֆթարի աւանդական սեղան՝ CVK Park Bosphorus պանդոկին մէջ:
Հայաստանի նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ IMF-ի տնօրէն-կառավարիչ Քրիստին Լակարտի հետ: