ՄԱՅՔ ՓՈՄՓԷՕ ՄՈՄ ՎԱՌԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երուսաղէմի մէջ, ուր այցելեց Ս. Յարութեան տաճար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ս. Յարութեան տաճարէն ներս ամերիկացի պետական քարտուղարը այցելեց նաեւ տաճարի հայկական բաժինը։ Ան մոմ մը վառեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատկանող տարածքէն ներս։ Այս փուլին Փոմփէոյին ուղեկցեցաւ Ս. Յարութեան տաճարի հայ տեսուչը՝ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան։ Այս վերջինը Մայք Փոմփէոն ողջունեց յանուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։
Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը կ՚ապրի ունեւորութեան մէջ չունեւորութիւն:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովի օրակարգին վրայ էր BREXIT-ի առկայ անելը:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Վրաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը Թիֆլիզ պիտի ժամանէ երկուշաբթի՝ մարտի 25-ին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Միջազգային զարգացման ու համագործակցութեան նախարար Փեթէր Էրիքսոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը արժեւորեցին երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան թափը ու վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեանի յայտարարութիւնները:
ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները այսօր կը գումարեն կարեւոր ժողով մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու վարչապետները անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։