ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովի օրակարգին վրայ էր BREXIT-ի առկայ անելը:
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովի հաւանական որոշման եւ Եւրոխորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններու ժամանակացոյցի համընկնած կէտին վրայ կը տիրէ անորոշութիւն:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Վրաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը Թիֆլիզ պիտի ժամանէ երկուշաբթի՝ մարտի 25-ին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Միջազգային զարգացման ու համագործակցութեան նախարար Փեթէր Էրիքսոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը արժեւորեցին երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան թափը ու վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեանի յայտարարութիւնները:
ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները այսօր կը գումարեն կարեւոր ժողով մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու վարչապետները անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Պատուոյ հիւրերն էին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան: