ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ՝ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Թուրքիա շաբաթավերջին մեծ ցնցում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած ահաբեկչական յարձակման վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, չորս զինուորներ նահատակուեցան ահաբեկչական յարձակման հետեւանքով, ինչ որ խոր յուզում եւ ցասում յառաջացուց երկրին մէջ։
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ձեւաւորուած անվտանգ գօտիին:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը Հայաստանի մէջ:
Երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ՝ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ:
Կրօնական ժողովի ատենապետին յայտարարութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ:
Իսթանպուլի ընտրական խորհուրդը վաւերացուց քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Մարիէլ տը Սարնեզիի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ։