«ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ»
Ապրիլ 29-30 թուականներուն, Օմանի սուլթանութեան մէջ, Արաբական ծոց, տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած կրօններու եւ անոնց մասնակցութիւնը հաւաքական կեանքերու հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն ստեղծելու գործընթացին մէջ։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր «Ալ Ամանա» քրիստոնէական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, եւ որ կը ձգտի ստեղծել կրօններու միչեւ գոյակեցութիւն՝ զիրար հասկնալու միջոցառումներ կազմակերպելով։
Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ ԵԱՏՄ-է ներս ուժանիւթի միասնական շուկայի մը ստեղծուիլը:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Համաշխարհային ճազի օրը։ Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։
Հայկական ճատրակի կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կրկին աշխարհի տասն լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու շարքին մէջ դասուած է:
Արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանի հերթական մենամարտի օրը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Արամ Աւագեանի մենամարտը կը կայանայ նախատեսուածէն երկու օր վերջ՝ մայիսի 4-ին, Լաս Վեկասի T-Mobile Arena-ի մէջ:
Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան նահանգապետարանի մէջ ընդունուեցան Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ:
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկուան այցէն վերջ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը 85-րդ գահակալով օժտելու ուղղեալ գործընթացը սկսաւ Կրօնական ժողովի նիստով. իրադարձութիւններուն կը սպասուի ուշադրութեամբ:
Կրօնական ժողովը 29 ապրիլ 2019, երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանիս դահլիճին մէջ։